wait please
شکیبا باشید
Loading
Loading
Armenian Pen ( Armenian )

ՊԱՏՄՈՒԹՅՈՒՆ

Հայաստանի «Երեւան» մայրաքաղաքին հին անունն էր «Էրեբունի», զոր իբր վեհանունը դրինք
մեր այս նախաձեռնութեան՝ «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» նշանաբանով: (“Էրեբունի“, «Էրեբունի» կը սկսի «Է» գլխատառով, որ եօթներորդ գիրն է հայերէն այբուբենին մէջ: «Է» գլխա-տառը, սակայն, միայն գիրը չէ մեզի՝ հայերուս համար, այլ նաև ու մասնաւորապէս յատուկ անունն է ժամանակի ու յաւիտենականութեան Տիրոջ՝ Աստուծոյ (Ել. 3,14):

Հոս, մեր «Էրեբունի»-ն ինքնահոս գրիչն է իբր հոգեմտաւոր ու խաղաղ յուշարարը մեր ազգին Ցե-
ղասպանութեան 100-ամեայ յոբելեանին (1915-2015):Ամէն յոբելեան ունի իր անցեալը, որ ներկային մէջ միշտ առկայ՝ կ’ընթանայ դէպի ապագան: Ան- ցեալը, ներկան և ապագան, մէկ բառով, ժամանակը իբր տիեզերական հոլովոյթը՝ կը ծորի միշտ «Է»-ին տեւողութեան մէջ:”Է” (“E”).”Է“,Ա՛յն «Է»-ին՝ անցեալին և ապագային կամ անցաւորութեան և անանցաւորութեան Ներկայի՛ն, որուն ձայնած էր 1915-ի Հայասպանութեան նահատակներէն վսեմական բանաստեղծը՝ Դանիէլ Վարուժան.«Դուն ամէն ինչ ես. Դուն Կեա՛նքն ես. Դուն Յաւիտենակա՛ն Սէրն ես: Թո՛ղ, որ խորին երկիւղածութեամբ խոնարհիմ առջեւդ»:

Է“, Ա՛յն «Է»-ին, որուն հայկական տաճարներուն ամէն մէկ աւագ խորանին վրայ ոսկետառ քանդա-
կումը ժամուորին կ’իմացնէ աստուածային Յաւիտենականին ներկայութիւնը մարդկային անցա-
նելիութեան մէջ: Այո՛, ամէն անցեալ, որ գոյացած չի մնար ներկային մէջ, արդէն իսկ ի յառաջագունէ վրիպած կ’ըլլայ
իր ապագայի գոյէն: Ուստի, անցեալը, որ ունի իր ներկան և ասով՝ իր ապագան, աստենակա՛ն և անդենակա՛ն, Բացարձակին ու Յաւիտենականին մասնակից դառնալու կը սկսի:Միայն այսպէս, վերածնո՛ւնդը՝ անցաւորէն անանցաւորին, եւ վերածնունդո՛վ՝ դէպի յաւերժու-թիւնը: Ա՛յս է խորհուրդը մեր «Էրեբունի»-ին, որուն վրայ ներկայացուած հայակնիք նշանակները կը պատգամեն այս ճշմարտութիւնները:

 

گروه پارکر لطیفی مرجع تخصصی فروش و تعمیرات نوشت افزار در ایران

گروه پارکر لطیفی با ارائه ی برترین و معتبرترین برندهای نوشت افزار دنیا، و ارائه ی خدمات پس از فروش آن ها، این امکان را برای مشتریان خود فراهم آورده است تا صاحب بهترین ها باشند و با خاطری آسوده درباره ی کیفیت و اصالت نوشت افزار مورد نظرشان، به خرید آن ها بپردازند.

 

شماره تماس با شرکت: 02166702832 (10 خط)
آدرس شرکت: خیابان جمهوری، خیابان بابی ساندز، پلاک 2 و 4 ، پارکر لطیفی
ساعت کار فروشگاه:  09:00 صبح لغایت 14:00 و 16:00 عصر لغایت 19:30
مدرک عضویت در انجمن صنفی کسب و کار اینترنتی فروشگاه اینترنتی پارکرلطیفی
مدرک ساماندهی فروشگاه اینترنتی پارکرلطیفی
Bank Pasargad
© کلیه حقوق معنوی وب سایت متعلق به گروه نوشت افزار پارکر لطیفی می باشد. طراحی شده توسط طراحی فروشگاه اینترنتی داتک
شکیبا باشید ...